2016-07-06 10:05:00

Հունգարիոյ մէջ գաղթականներ հիւրընկալելու հարցին վերաբերեալ հանրաքուէն` 2 հոկտեմբերին


Հունգարական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հունգարիոյ նախագահ Եանոշ Ատեր հրամանագիր մը հրապարակած է` 2 հոկտեմբերը հանրաքուէի թուական ճշդելով` երկրին մէջ Եւրոպական Միութեան կողմէ ճշդուած թիւով գաղթականներ հիւրընկալելու հարցին վերաբերեալ:

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան փետրուարին առաջարկած էր այդ հարցին շուրջ կատարել հանրաքուէ` յայտնելով, որ իր երկիրը պիտի չմասնակցի գաղթականները Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն միջեւ բաժնելու միութեան ծրագիրին:

Հունգարիոյ իշխող աջակողմեան Ֆիտես եւ ծայրայեղ ազգայնական Եուփիք կուսակցութիւնները անցեալ մայիսին այդպիսի հանրաքուէ մը կատարելու ի նպաստ քուէարկեցին, իսկ հունգարական ընդդիմութիւնը չկրցաւ այդ որոշումը Սահմանադրական դատարանին մօտ բողոքարկել:

Նշենք, որ Հունգարիան այն գլխաւոր երկիրներէն է, որուն տարածքով սուրիացի եւ այլ գաղթականներ կ՛անցնին` դէպի Գերմանիա, Շուէտ եւ եւրոպական այլ երկիրներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.